2008-11-29 08:37:59

Պօղոսեան տարի` Ա. եւ Բ. թուղթերը կորնթացիներուն


RealAudioMP3 Անցեալ հաղորդումին խօսեցանք Հռոմայեցիներու թուղթին մասին։ Իսկ այսօր ձեզի պիտի ներկայացնենք Կորնթացիներու Ա. եւ Բ. Թուղթերը։

Գործք Առաքելոցին համաձայն (18, 1-17) Պօղոս առաքեալ հիմնադիրն է Կորնթացիներու Եկեղեցիին։ Իր երկրորդ Ճամբորդութեան ընթացքին 50 - 51 Թուականներուն, Պօղոս եկաւ Կորնթոս եւ մնաց այդտեղ 18 ամիսներ, յետոյ հրաժեշտ առաւ եղբայրներէն եւ նաւով մէկնեցաւ դէպի Սուրիա։ Այս երկար ամիսներուն ընթացքին, Պօղոս յաջողեցաւ կազմել բազմաթիւ հասարակութիւն մը՝` մանաւանդ ժողովրդային խաւերուն մէջ։ Աթէնք կը հասնի, ուր հոն առիթը կ՛ունենայ վիճելու յոյն փիլիսոփաներու հետ, որոնք Ստոյիկեաններ եւ Եպիկուրեաններ էին։ Ստոյիկեանները, Զէնոնի Հետեւորդներ էին 396-264 Ք. Ա., որոնց համար կեանքի գործնական բնաբանն էր հոգիի անխռով անտարբերութիւնը՝` ամէն բանի դիմաց։ Իսկ Եպիկուրեանները, Եպիկուրոսի աշակերտներն էին 341-270 Ք. Ա., որոնք Կիանքի մէջ միայն հաճոյքը կը հետապնդէին։ Հոն, Պօղոս գտաւ Հրեայ մարդ մը՝` Ակիւղաս անունով, ծագումով Պոնտացի, որ իր կնոջ՝` Պրիսկիղայի հետ ժամանած էր Իտալիայէն։ Պօղոս կապուեցաւ անոնց եւ սկսաւ անոնց հետ աշխատիլ քանի իրեն նման վրանագործներ էին։ Ամէն շաբաթ օր Պօղոս կը խօսէր ժողովարանին մէջ եւ կը համոզէր Հրեաները եւ հեթանոսները Յիսուսի Քրիստոսի մասին։ Մեծ դիւով Հրեաներ հակառակեցան անոր, սակայն հակառակ ասոր շատ կորնթացիներ, Պօղոսը լսելով հաւատացին ու մկրտուեցան, եւ այս ձեւով սկիզբ տաւ Կորնթոսի Եկեղեցին։ Կորնթոս արեւտրական եւ նաեւ մշակութային կարեւոր քաղաք էր։ Այդ ժամանակ 700000 բնակիչ կը հաշուէր։ Երբ Պօղոս Եփեսոս էր, իրեն կը հասնին մտահոիչ լուրեր։ Կորնթոսի մէջ, հաւատացեալներու միջեւ բաժանումները սկսած էին։ Եղած են մրցակցութիւններ եւ բարոյական գայթակղութիւններ։ Այս պատճառով Պօղոս կը ղրկէ իր առաջին նամակը, զոր կորսուած է։ Աւելի ուշ, 54-57 թուականներուն, երբ Պօղոս Եփեսոս էր, Կորնթոսէն պատուիրակութիւն մը եկած է, եւ Պօղոս Առաքեալին ուշադրութեան հանձնած են զանազան հարցեր։ Ս. Պօղոս կը հարկադրուի գրել երկրորդ նմակ մը, որ մեզի հասած է 2րդ Կոր. թուղթով։ Այս նամակէն ետք, 57 թուականներուն, դարձեալ հարցեր կը ծագին Կորնթոսի մէջ եւ այս անգամ Պօղոս անձամբ հոն կ՛երթայ։ Սակայն իր այցելութիւնը կարճ եւ ցաւալի կ՛ըլլայ, որովհետեւ հակառակութեան կ՛ենթարկուի եւ կը հարկադրուի շուտով Կորնթոսէն մեկնիլ, խոստանալով սակայն վերադառնալ։ Ասկէ ետք, Պօղոս արցունքներու մէջ կը գրէ իր 2 Կոր. Թուղթը։

Ուրեմն ինչպէս կերեւի, Պօղոս չորս թուղթեր ղրկած է կորնթացիներուն։ Առաջինը եւ երրորդը կորսուած են, իսկ ինչ որ մեզի հասած են երկրորդ եւ չորրորդ թուղթերը, եւ կամ ալ առաջինը եւ երրորդը միացուած են միւս երկուքին։

Գալով Թուղթերուն պարունակութեան, Սուրբ Պօղոս անոնց մէջ դրած է քրիստոնէական կեանքի գաղափարականը, Աստուածային իմաստութիւնը, կենցաղի մաքրութիւնը, ամուսնութեան եւ կուսութեան հայող հարցեր, հոգեւոր պարգեւներու կամ խարիզմաններու զանազանութիւնը, քրիստոնէի սրբութիւնը եւ մաքրութիւնը Սուրբ Հոգիին մէջ, եղբայրսիրութիւն, Քրիստոսի հետ միութիւնը, փոխադարձ հաղորդակցութիւն հասարակութիւններու, մահ եւ կեանք Քրիստոսի հետ, եւ այլ Քրիստոնէական եւ բարոյական վարդապետութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.